Պոլսոյ Տատեան վարժարանի 5-րդ դասարանի աշակերտները այսօր այցելած են Էտիրնէգաբու շրջանի Ազգային Գերեզմանատուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նոյնպէս հաղորդեց, որ աշակերտները դպրոցի տնօրինուհի Տիկն. Ալիս Պայրամի գլխաւորութեամբ շրջեցան գերեզմանատունէն ներս եւ ծանօթացան հոն գտնուող պատմական շիրիմներուն: Աշակերտները նոյնպէս մասնակցութիւն բերին գերեզմանատունէն ներս եղեւնիներու տնկման աշխատանքներուն: Նշենք, որ պատմական համարուող Էտիրնէգաբու Ազգային Գերեզմանատան թաղային խորհուրդի ատենապետն է Տիար Ռոմանոս Ճիզվէճեան: