image

Պոլիս. «Քէմբ Արմէն»ին Համար Համերգ

Պոլիս.  «Քէմբ Արմէն»ին Համար  Համերգ

 Թուրքիա- «Քէմբ Արմէն»ի խնդիրը հանրութեան  ուշադրութեան տակ պահելու նպատակով   Պոլսոյ  «Նոր Զարթօնք» խմբաւորումը      համերգ   կազմակերպած է:  Նշենք, որ   համերգը պիտի կայացուի յառաջիկայ  18 Սեպտեմոերին  Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ  գտնուող «Կէնչ»  սրահին   մէջ:  Կը հաղորդուի , որ  համերգին ելոյթ պիտի ունենան Պոլսոյ մէջ  անուն ունեցող խումբեր եւ անհատ  երգիչներ որոնցմէ  յիշատակելի են  Սիպիլ Պէկթորոսօղլու,   Արթիւր Պաղտասարեան «Քարտէշ Թիւրքլէր», Սայաթ  Նովա երգչախումբ, Եաշար Քիւրտ, Մեթին- Քեմալ Քահրաման, Պարթեւ Կարեան, Լիտա  Քէօսէօղլու եւ այլ անուններ: