Հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, բանահաւաք, Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեակին առիթով 23 Նոյեմբերին ժամը 16:00-ին Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի բակին մէջ պիտի բացուի անոր յուշարձանը, կը տեղեկացնէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի ֆէյսպուքեան էջը։
Յուշաձանը իրականութիւն դարձած է տաղանդաւոր քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի անշահախնդիր աշխատանքին ու Սարգիս Կիւլեքեչի բարերարութեան շնորհիւ:
Պատրիարքարանը համայնքային ու թաղային մարմիններուն ու մշակութասէր հասարակութիւնը կը հրաւիրէ մասնակցելու այս ձեռնարկին: