Այսօր` 26-ի գիշերը եւ առաւօտեան Սասնայ ծռեր Էրէբունիի ՊՊծ տարածքէն ներսկրակոցներ պատահած են: Տարածքին հարակից ոստիկանական պատնէշէն կրակ բացուած է, որու հետեւանքով ոտքէն վնասուած եւ վիրաւորուած են «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներ Աշոտ Պետրոսեանն ու Յովհաննէս Յարութիւնեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիմնադիր խորհրդարանի» մամլոյ ծառայութիւնը։ Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ վիրաւորեալները տեղափոխուած են հիւանդանոց:
«Հիմնադիր խորհրդարանի» մամլոյ ծառայութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ առաւօտեան ժամը 7-ի շուրջերը Արթուր Սարգսեան անունով քաղաքացի մը, իր անձնական մեքենան սնունդով բեռնաւորած, ճեղքած է ոստիկանական արգելապատնէշը եւ հասած մինչեւ ազատագրուած տարածքի մուտքի մօտ: Միւս կողմէ ոստիկանները սկսած են կրակել Արթուրի մեքենային վրայ, սակայն, ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, ան առանց վնասուելու կրցած է սննդամթերքը տեղ հասցնել: