image

Պիշքէկի մէջ թրքական օդանաւ կործանած է. Կայ 32 զոհ (Լուսանկարներ)

Պիշքէկի մէջ թրքական օդանաւ կործանած է. Կայ 32 զոհ (Լուսանկարներ)

Ղրղզստանի մայրաքաղաք Պիշքէկի Մանաս օդակայանի մօտ կործանած է թրքական բեռնատար օդանաւ մը, որու հետեւանքով զոհուած է 32 մարդ: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշելով, որ օդանաւը կործանած էր վայրէջք կատարելու ժամանակ, բնակելի տարածքի մօտ:

Յայտնի է նաեւ, որ օդանաւը ինկած է բնակելի շէնքերու վրայ, ինչի հետեւանքով ընտանիքներ ամբողջ անդամներով քնացած պահուն մահացած են. աւերուած է 15 բնակելի տուն: Ներկայիս փրկարար մարմիններ կը փորձեն ողջ մնացողներ գտնել:

Կը նշուի, որ դէպքի վայր հասած են երկրի առաջին փոխվարչապետ Մուխամետկալի Ապուլկազիյէւն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: