Երեւանի Շինարարներու փողոցին մէջ գտնուող կրպակներու սեփականատէրերը բողոքի ցոյց կատարած են քաղաքապետարանին մօտ՝ պահանջելով չքանդել իրենց կրպակները։
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները փաստաթուղթեր ներկայացուցած են լրագրողներուն՝ պնդելով, որ կրպակները սեփականաշնորհուած են եւ իրենց օրինական սեփականութիւնը կը հանդիսանան։ Մինչդեռ քաղաքապետարանէն կը նշեն, որ նշեալ կառոյցները ապօրինի են՝ յայտնելով, որ յառաջիկային զանոնք պիտի վերացնեն։
«Ասել են, որ վաղը գալու են քանդեն։ Եթէ չեն ուզում անհնազանդութիւն, եթէ ուզում են կռուից խուսափել, էլի եմ շեշտում՝ մենք յանցագործութիւն չենք անում։ Խօսքը չի գնում անօրինական կառոյցների մասին, խօսքը գնում է մեր սեփականութեան վկայականներով օրինական իրաւունքների, մեր սեփական գոյքի մասին։ Եթէ ուզում են կռուից խուսափել, պարտաւոր են հանդիպում նշանակել ու բացատրել, եթէ կարող են ըստ օրէնքի բացատրել, որին մեր փաստաբաններն էլ ներկայ կը լինեն»,-ըսած է ցոյցի մասնակիցներէն մէկը։
Այսօր տեղի ունեցած գործակարգավարական նիստի ընթացքին Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, անդրադառնալով Աջափնեակ վարչական շրջանի Շինարարներու փողոցին մէջ կատարուող քանդման աշխատանքներուն, նշած է, որ կը հասկնայ այն քաղաքացիներու մտահոգութիւնները, որոնց համար կրպակները փաստացի աշխատատեղեր էին։ Սակայն ան ընդգծած է, որ հանրային շահը միշտ գերակայ է անձնական շահէն։ Աւինեանի համաձայն՝ Շինարարներու փողոցի մայթերը պէտք է ազատուին բոլոր կրպակներէն եւ վերադարձուին բնակիչներուն, իսկ տուժած քաղաքացիներուն հետ պէտք է համապատասխան աշխատանքներ տարուին։
Մէջբերելով քաղաքապետարանի յայտարարութիւնները բանակցութիւններ վարելու մասին՝ ցոյցի մասնակիցները կը պնդեն, որ իրականութեան մէջ իրենց հետ որեւէ քննարկում տեղի չէ ունեցած։ Անոնք յայտարարած են, որ հաւանական բախումներէ եւ հակամարտութիւններէ խուսափելու համար քաղաքային իշխանութիւնները պարտաւոր են հանդիպում նշանակել, իրաւական հիմնաւորումներ ներկայացնել եւ քննարկում կազմակերպել՝ սեփականատէրերու ու անոնց փաստաբաններու մասնակցութեամբ։
Կրպակներու սեփականատէրերը քաղաքապետարանին կոչ ըրած են գործելու բացառապէս օրէնքի սահմաններու մէջ, յետաձգելու քանդումը, անհրաժեշտ ժամանակ տրամադրելու՝ իրաւական ընթացակարգերէ օգտուելու համար, եւ քաղաքապետին հետ հանդիպում կազմակերպելու։