Ղրղզստանի մայրաքաղաք Պիշքէկի Մանաս օդակայանի մօտ կործանած է թրքական բեռնատար օդանաւ մը, որու հետեւանքով զոհուած է 32 մարդ: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշելով, որ օդանաւը կործանած էր վայրէջք կատարելու ժամանակ, բնակելի տարածքի մօտ:
Յայտնի է նաեւ, որ օդանաւը ինկած է բնակելի շէնքերու վրայ, ինչի հետեւանքով ընտանիքներ ամբողջ անդամներով քնացած պահուն մահացած են. աւերուած է 15 բնակելի տուն: Ներկայիս փրկարար մարմիններ կը փորձեն ողջ մնացողներ գտնել:
Կը նշուի, որ դէպքի վայր հասած են երկրի առաջին փոխվարչապետ Մուխամետկալի Ապուլկազիյէւն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:







