Թուրքիոյ՝ Եւրոխորհրդարան անդամակցութեան բանակցութիւններու կասեցման մասին Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ շեշտած է, թէ Եւրոխորհրդարանի որոշումը որեւէ արժէք չի ներկայացնէր: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ վարչապետը շեշտած է, թէ Եւրոխորհրդարանը պէտք է իր ապագայի հեռանկարը ճշդէ: «Հակասութիւն կայ Եւրոպական յայտարարութիւններուն մէջ, ուր անոնք կը հաստատեն Թուրքիոյ կարեւոր դերը տարածաշրջանի անվտանգութեան առնչութեամբ, սակայն միւս կողմէ անհիմն պատճառներով որոշումներ կը կայացնեն»,-ըսած է Եըլտըրըմ: