Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական հեռագիր յղած է Նիկոլ Փաշինեանին Հայաստանի վարչապետ նշանակուելու կապակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը:
Փութին նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի փոխյարաբերութիւնները կը հիմնուին բարեկամութեան ու փոխադարձ յարգանքի բարի աւանդոյթներու վրայ, եւ երկիրները արգասաբեր համագործակցութեան զգալի փորձ կուտակած են տարբեր բնագաւառներու մէջ:
«Յոյս ունիմ, որ մեր երկխօսութիւնը եւ համատեղ կառուցողական աշխատանքը նպաստեն ռուս-հայկական դաշնակցային փոխգործակցութեան յետագայ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տարածքին մէջ համարկումի գործընթացներու յառաջխաղացման: Ատիկա, անկասկած, կը համապատասխանԷ մեր եղբայրական ժողովուրդներու շահերուն»,-ընդգծած Է Փութինը: