image

Փութին-Մերքէլ բանակցային հանդիպում Սոչիի մէջ

Փութին-Մերքէլ բանակցային հանդիպում Սոչիի մէջ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ, երեքշաբթի օր բանակցային հանդիպում պիտի ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ: Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Մինսքի պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:


Գերմանիոյ վարչապետին, երկու տարուան ընդմիջումէ ետք, Ռուսաստան այցելելու պաշտօնական պատճառը «Մեծ քսանի» գագաթաժողովին պատրաստուիլն է, որ տեղի պիտի ունենայ յուլիս ամսուն, Համպուրկի մէջ: