Մարդիկ յաճախ զիս կը մեղադրեն, այն պատճառաբանութեամբ, թէ մոռնալով ներկան, կառչած կը մնամ անցեալին, սակայն իրողութեան մէջ հիմնական նպատակս այն է, որ մատնանշելով ներկայի սխալը, ցոյց տամ անցեալի ճիշդը, փաստելու համար այն իրողութիւնը, որ ժամանակի յառաջընթացին հետ մենք ոչ թէ կամաց-կամաց, այլ մեծ-մեծ քայլերով դէպի յետ կ'երթանք, ու նման ընթացքով որքան ալ հայրենասիրութիւն, զոհողութիւն եւ հայ լեզու եզրերով լոզունքներ արձագանգեն, վիճակը պիտի մնայ նոյնը. մի՛շտ դէպի անկում:
Շատ անգամ ներկայի վէրքերը ցոյց տուողները կ'ըլլան ատուած ու անտեսուած, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանի «իշխող» ուժը եւ խումբը կ'ուզէ կատարեալ առողջ վիճակ մը ցոյց տալ, լոկ այն պատճառով, որ իրենց ձեռքն է ներկայիս եւ հետեւաբար կարելի չէ խոցելի վէրքեր նշմարել անոնց մէջ:
Անոնք շա՜տ-շատերու կը փորձեն լուռ պահել ու կ'ուզեն «կտրել» անոնց ձայնը, սակայն իրողութիւնը միշտ ալ կը մնայ անփոփոխ եւ անժխտելի: Հիւանդին համար որքան ալ որ ըսենք առողջ է, հիւանդը կը մնայ հիւանդ: Եւ ներկայիս այդ թատերգութիւնն է որ կ'ապրինք: Մեծերը կը յայտարարեն առողջ, սակայն իրողութիւնը մահամերձ վիճակի մէջ կը սպասէ իր ճակատագրին:
Երբէք ներկայի եւ կամ անցեալի պատասխանատուներէ մէկէն լսա՞ծ էք, որ արտայայտուին թէ իրենց ժամանակ լաւ աշխատանք տարած չեն... բոլորն ալ կատարած են աստուածային հրաշքի համազօր գործեր, սակայն չես գիտեր ինչպէս երիտասարդներ ակումբներու, դպրոցներու եւ անձնական տեսակցութիւններու ընթացքին կը խօսին հեզասահ jունարէն, իսկ հայերէնը անոնց բերնեն կտրտուած դուրս կու գայ: Զարմանալին հոն է, որ ամէնն ալ կը կատարեն հրաշագործութեան համազօր «գործ»եր, սակայն միշտ դէպի յետ ու դէպի մահ կ'երթայ հայ ազգը:
Կը կարծեմ, թէ բոլոր այս իրարանցումը կարելի է բացատրել Աշուղ Ճիվանիի մէկ խօսքով.-
«Ուրացողը խիղճ չունի ամենեւին,
Չզգալով, սպիտակ ասում է սեւին,
Կոյրը չտեսնելով լոյսը արեւին,
Աշխատում է ստել... խելքի աշեցէք»:
Խելքի աշողները հեռացնելէն աւելի դիւրին բան գոյութիւն չունի աշխարհի վրայ: Պատմութիւնը վկայ է, թէ քանի՜ քանիներ զոհը գացած են անոր, սակայն ճշմարտութիւնը մնացած է ճշմարտութիւն, որովհետեւ այդ մէկը ո'չ մահով եւ ո'չ ալ սուտերով կարելի է ծածկել: Այդ մէկը տկարութեան երաշխիքն է: Շատեր կ'ուզեն այդպիսիները մեկուսացնել, լուռութեան դատապարտել, սակայն այդ մէկը իրականութեան վրայէն բան մը պիտի չփոխէ, ինչ որ արեւու պէս բացայայտ յստակ ու յայտնի է:
Առանց խիղճի ուրացողներ, սեւին սպիտակ ըսողներ, կոյր վիճակով իրենց չտեսածը վկայողներ գոյութիւն ունի՞ն ներկայիս: Եթէ մէկը համարձակեցաւ ոչ ըսել, ուրեմն հաստատ կրնաք ըլլալ, որ կա՛մ այդպիսիներու խումբին կը պատկանի եւ կամ այդ խումբին անդամ դառնալու թեկնածու է, որովհետեւ ներկայիս ճշմարտախօս արդար մարդիկը մեր անհատական եւ հայկական հասարակական ու ժողովական կեանքին մէջ գրեթէ գոյութիւն չունին: Եթէ կան այդպիսիներ, որոնք ճշմարտութեան սիրոյն աթոռ, փառք, անուն եւ դիրք յանձն կ'առնեն զոհել, սոսկ ճշմարտութեան սիրոյն, արժանի են աստուածացումի:
Ուրացողներու, ստողներու եւ իրենց շահերուն սիրոյն ճշմարտութիւնը խեղդողներուն ներկայութիւնը մեր հաւաքական ու ժողովական կեանքէն ներս գոյութիւն ունենալուն համար նկատի առնենք հետեւեալ կէտերը:
Դժբախտաբար ներկայիս երբ ժողովական կեանք եւ կամ ժողովական ըսուի մէկ բան է որ մեր միտքին առջեւ կու գայ. կանոնաւոր ձեւով կապուած փողկապներ, այլազան անուններով ու չափերով «սիկար»ներ ու ծխախոտներ, սուր ու տափակ գիթերով կօշիկներ, հաւանաբար թեթեւ մօրուք (մտաւորականի հով մը տալու միտումով), մաքուր արթուկուած շապիկի մը ծայրը կախուած գրիչ մը եւ իրենց գլուխը քերելու անգամ ժամանակ չունենալնին յայտարարող անձեր...
Ա՞յս է չափանիշն ու արժէչափը ժողովական ու հայազգի հարցերով զբաղելու, ազգային գործերու մէջ մտնելու...:
Անցեալին այդ մարզին մէջ մտնելու արժէչափերն ու չափանիշերը անգամ ուրիշ էին: Այդտեղ գոյութիւն չունէին անձնական շահեր, բարեկամակամ ու խնամիական կապերու սերտացումներ: Ու կը կարծեմ եթէ ներկայիս գոյութիւն ունենար մեր անցեալի սուր գրիչներէն շատեր, ներկայի անբացատրելի երեւոյթներուն դիմաց մեր ազգային օրէնքներուն մէջ պիտի աւելցնէին նաեւ հետեւեալները.-
Ինչպէս որ անբուժելի հիւանդութեան մը պարագային մահը որպէս փրկութեան միջոց կը դիտուի, նոյնպէս ալ երբ դպրոցները, եկեղեցիները ցաւալի վիճակի մէջ կը գտնուին, հայ երիտասարդներ ու մանուկներ յունարէն կը խօսին իրար հետ ամէն տեղ, երբ հայկականութիւնը կամաց-կամաց կը պարպուի ու դէպի մահ կ'առաջանայ ժողովականի մը հրաժարականը նոյնպէս փրկութիւն է իրեն համար, որովհետեւ այդտեղ կարելի է գտնուիլ միայն աշխատելու եւ վազելու, ծառայելու համար:
Դարերու ընթացքին հազարաւոր հայ ժողովականներ գոյութիւն ունեցած են աշխարհի տարածքին. բոլորին ալ անունները մոռցուած են ու մնացած են միայն անոնցը՝ որոնք գործ եւ աշխատանք տարած են:
Հետեւաբար չխաբուինք միայն ներկայիս հաճոյք եւ ուրախութիւն պատճառող «ժողովական» անունէն, որ առանց գործի դատապարտուած է մահուան:
Ըլլանք արդար, ճշմարտութեան զինուոր եւ ամենակարեւորը հասուն՝ քննադատութեանց դիմաց չբորբոքում իսկ գնահատանքի պարագային շոյուած չզգալու համար:
Աւելի նախընտրելի չէ՞ ըլլաս ատուած ճշմարտախօս, քան շողոքորթ խաբեբայ: Փի՜ւր յարգանք ճշմարտախօս, անվախ եւ անձնական շահերէ հեռու, լոկ ազգին շահը փնտռող մեր ժողովականներուն: Պէտք է ըլլալ միշտ արդար ու ճշգրիտ: Չվախնալ խօսելէ, երբ ճշմարտութիւնը պէտք է ըսուի, որովհետեւ աւանդական խօսքը կ'ըսէ. «ըսես գէշ կ'ըլլար, չըսես էշ կ'ըլլաս...»:
Ու որպէս վերջին խօսք յիշենք Քրիստոսի խօսքերը. «Երանի անոնց, որոնք ճշմարտութեան համար կը հալածուին...»:
Բոլորս ալ այսօր կանք, իսկ վաղը՝ ոչ... մինչ հայ ազգն ու ճշմարտութիւնները միշտ ալ պիտի մնան եւ վայ մեզի, եթէ դէպի մահ գացող անոր քայլերէն քոնէ մէկ երկուքը դէպի բուժում չառաջնորդենք:
Կայծակ Խաչերեան