image

Փիրինչէքի դէմ արձակուած վճիռը պիտի ջնջուի՞

Փիրինչէքի  դէմ  արձակուած  վճիռը պիտի ջնջուի՞

Ըստ թրքական  աղբիւրներու, անցեալ հոկտեմբերին, Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանի Վերին պալատին առջեւ տարած իր յաղթանակէն ետք, թուրք ծանօթ ժխտող Տողու Փէրինչէք այժմ գրեթէ ձեռք ձգած է Վօ նահանգի դատարանին կողմէ իր դէմ արձակուած վճիռին ջնջումը: Դաշնակցային դատարանը ընդառաջած է անոր դիմումին եւ ջնջած է ցեղապաշտական խտրականութեան մեղադրանքով Վօ նահանգի դատարանին կողմէ անոր դատապարտումը եւ թղթածրարը ղրկած է Վոյի դատարան, անկէ պահանջելով, որ նոր վճիռ արձակէ եւ ենթական անպարտ հռչակէ: Փէրինչէք, Լօզանի Ոստիկանական դատարանին կողմէ դատապարտուած էր 2007-ին, վերոնշեալ մեղադրանքով: Մինչդեռ, սկիզբը, թէ՛ Վոյի, թէ՛ ալ Դաշնակցային դատարանները հաստատած էին Փէրինչէքը դատապարտող այդ վճիռը, Հայոց ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» յորջորջող իր արտայայտութիւնը դատելով պատժելի: