image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեանի կառավարական առանձնատունը շրջապատուած է մեծաթիւ ոստիկանական ուժերով (Տեսանիւթ)

Փաշինեանի կառավարական առանձնատունը շրջապատուած է մեծաթիւ ոստիկանական ուժերով (Տեսանիւթ)

Նիկոլ Փաշինեանի Պռոշեան փողոցի կառավարական առանձնատունը շրջափակուած էր մեծ թիւով ոստիկաններով, մինչեւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման երթը հասնէր առանձնատուն։

Նշենք, որ մեծ թիւով ոստիկաններ եւ ոստիկանական ինքնաշարժներ կային նաեւ Ազատութեան հրապարակը, ուր մինչեւ երթի սկսիլը տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։

Հանրահաւաքն ու երթը անցան առանց միջադէպերու։

Հանրահաւաքի ընթացքին ժամանակաւոր կառավարութեան ընելիքները ներկայացուց Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեանը։ Իսկ առանձնատան մօտ շարժումը ներկայացուց իր պահանջքը, որ եթէ Նիկոլ Փաշինեանը մինչեւ երեքշաբթի, ժամը 12-ը չհեռանայ, ամբողջ Հայաստանին մէջ պիտի կատարուին անհնազանդութեան բողոքի հաւաքներ։