29 Մարտին Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
Այդ մասին յայտնած է Վիեննայի մէջ դիւանագիտական աղբիւրը աւելցնելով, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ: