Շաբաթ, 27 յունուարին Փարիզի մէջ հարիւրաւոր ցուցարարներ, որոնց մեծ մասը քիւրտեր էին, փողոց դուրս եկած են, բողոքելով Սուրիոյ Աֆրին քաղաքի մէջ քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն դէմ թրքական ուժերու իրագործած ցամաքային ու օդային հարուածներուն դէմ:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, բողոքի ցոյցը սկիզբ առած է նախագահական պալատին դիմացէն, որուն ընթացքին ցուցարարները քրտական դրօշներ ծածանած են ու պաստառներու միջոցով Ֆրանսայէն ու Եւրոշիութենէն պահանջած են միջամտել ու դատապարտել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի անօրինական գործողութիւնները: