image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի Տխրունիականներ Արցախի Մասին Բացիկներ Բաժնած Են

Պէյրութի Տխրունիականներ Արցախի Մասին  Բացիկներ Բաժնած Են

Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը   շաբաթ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը եւ Մար Մխայեի մէջ բացիկներ բաժնեց անցորդներուն, տեղեկացնելով ղարաբաղեան վտանգաւոր զարգացումներուն եւ ատրպէյճանական ահաբեկչական գործողութիւններուն մասին: «Հակառակորդը պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններ կատարած է: Թշնամին կրակ բացած է նաեւ բնակավայրերու ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական ուժեր փորձած են ներթափանցում կատարելով գրաւել հայկական դիրքեր, սակայն ձախողութեան մատնուելով ստացած են արժանի հակահարուած եւ ետ մղուած: Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը յաւելեալ լարուածութեան ամբողջական պատասխանատուն կը համարէ հակառակորդը, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան կոչ կ՛ուղղէ ցոյցեր կազմակերպելու Ատրպէյճանի դեսպանատուններուն առջեւ». Ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

  Իսկ Հայաստանի մէջ կուսակցութեան մամլոյ դիւանը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կատարածը ահաբեկչութիւն է ու ապտակ՝ միջազգային հարութեան: «Մենք վստահ ենք , որ Արցախի զինուած ուժերոու պատասխան գործողութիններուն հետեւանքները երկար պիտի անդրադառնան թշնամիի բարոյական եւ քաղաքական իրավիճակին վրայ: Մենք գործ ունինք ակնյայտ բռնութիւններու հետ, որոնց պէտք է տրուի անհամաչափ պատասխան: ՍԴՀԿ վստահ է, որ Ատրպէյճանի լկտի գործողութիւնները համաձայնեցուած են Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահի միջեւ, տարածաշրջանին մէջ ընդհանուր լարուածութիւն ստեղծելու համար». Ըսուած է ՍԴՀԿ Հայաստանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի յայտարութեան մէջ: Նիւթի աղբիւր, Պէյրութի «Արարատ» Օրաթաթերթ: