image

Պէյրութի դիմագիծը սկսած է աղաւաղուիլ. Ռոպերթ Պզտիկեան

Պէյրութի դիմագիծը սկսած է աղաւաղուիլ. Ռոպերթ Պզտիկեան

Լիբանանահայ երիտասարդը կը  հաւատայ, որ ամբողջ հայութեան միակ ուղղութիւնը՝ Հայաստանն է։

 

-Վերջին շրջանին շատ կը լսենք, որ լիբանանահայեր կ'ուզեն վերջնականապէս Հայաստան հաստատուիլ, ինչքանո՞վ ճիշդ   են այս  խօսակցութիւնները եւ ի՞նչ կրնաս ըսել  այդ մասին։

Այո, այդպէս է, Հայաստան տեղափոխուելու շարժումը զարմանալի ձեւով շատ աշխոյժացած է։  Իմ  ծանօթներէս շատեր այս վերջին 2-3 ամիսներու ընթացքին արդէն Երեւան հաստատուեցան,  եւ անոնց  մեծ մասը երիտասարդներ են: Կրնամ ըսել որ Հայաստան տեղափոխուելու որոշումը աւելի շատ 18-էն 30 տարեկաններն են, որ դիւրութեամբ կ'առնեն,   մեծերը քիչ մը վախով կը մօտենան հարցին, անշուշտ  մեծեր ալ կան,  որոնք իրենց ընտանիքներով  արդէն  իսկ փոխադրուած են Երեւան:

 Եթէ  որոշ վերապահութիւնն ալ  կայ,  այդ մէկը  կապ  ունի Հայաստանի պայմաններուն ծանօթ չըլլալուն հետ։  Սակայն ընդհանրապէս երբ առաջին անգամ  Երեւան կ'այցելեն, անոնց մօտեցումը կը փոխուի, կը սկսին մտածել՝ եթէ ոչ հաստատուելու, նուազագոյնը հող մը կամ տուն մը գնելու մասին:

Իմ կարծիքով, այն լիբանանահայերը, որոնք փափաք ունին հայրենադարձուելու, պէտք է ջանք ընեն, աշխատանք տանին այդ ուղղութեամբ եւ չլսեն՝ Հայաստանի մէջ գործ չըլլալու մասին յաճախ կրկնուող խօսքերը, որովհետեւ ամէն մարդ իր անձնական փորձը ունի այդ առումով: Շատեր կան, որ հիմա Հայաստանի մէջ իրենց Լիբանանի կեանքէն աւելի նուազ պայմաններու մէջ կ'ապրին, այդուհանդերձ գոհ են, կ'ըսեն, որ կ'ուզեն Հայաստանի մէջ շարունակել իրենց կեանքը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ այլեւս հարցը միայն նիւթականի կամ ապրուստի հարց չէ, այլ ընկերային հարցեր են:


- Քու կարծիքովդ, ի՞նչն է պատճառը, որ Լիբանանի վիճակը լաւ չէ կամ ՝գէշ է

Ինչպէս ըսի, խնդիրը միայն Լիբանանի տնտեսական անկայունութեան կամ նիւթական    խնդիրները  չեն, հարցը անկէ աւելի հեռուն է, աւելի ընկերային  բնոյթ ունի։ Պէյրութի մէջ ստեղծուած միջավայրի խնդիրն է եւ  հոս հարց կը ծագի, թէ  մենք որպէս լիբանանահայեր, այսօր կրնանք այդ միջավայրին մէջ ապրիլ թէ ոչ, այդ է հարցումը։  Կառավարութիւնը այսօր իր քաղաքացիներուն արժանապատուօրէն ապրելու դիւրութիւններ կ'ապահովէ՞ թէ ոչ։Սեպենք դուն ապրեցար, բայց յետոյ ՝ քու զաւակդ պիտի կարենա՞յ ապագայ ունենալ այդ քաղաքին մէջ, թէ՞ ոչ, այդ է հարցը:


-Որո՞նք  են   այն     պայմանները,  որոնք   պատճառ կը դառնան   ըսելու,  որ Լիբանանի մէջ կեանքի  մակարդակը    վատացած է։

Այսօր  Լիբանանի  մէջ  ամենապարզ մարդկային պէտքերը չեն ապահովուած։ Մենք ամէն ինչին փոխարինող միջոց գտած ենք եւ մենք մեզի համոզած, որ սովորական է այս վճակը, բնական է, բայց այդպէս չէ: Լիբանանի մէջ ելեկտրականութիւնը, ջուրը, հեռախօսը, համացանցը լուրջ հարցեր են,    եւ  մաս կը կազմեն քաղաքացիներու առօրեայ մտահոգութիւններուն, մինչ շատ այլ երկիրներու մէջ քաղաքացիները նման հարցերու մասին չեն մտածեր: Օրինակ՝ համացանցի հասանելիութեան  պարագան,  կամ  մանաւանդ ելեկտրականութեան  հարցը,  որ երկար տարիներէ ի վեր կը  շարունակէ մնալ տագնապալի։ Պատկերացուցէք, որ   պետութիւնը   օրական կտրուածքով միայն 4-6  ժամ   ելեքդրականութիւն  կը տրամադրէ    ու  այդ  պատճառով ալ  քաղաքացին ստիպուի  կ՚ըլլայ  ապօրինի  եւ անձնական ընկերութիւններէ ելեկտրականութիւն գնել:Իսկ երկրի  չքաւոր  դասակարգը, որն այսօր մեծ  տոկոս կը կազմէ Լիբանանի մէջ, այդ  այլընտրանքային միջոցներէն օգտուելու կարելիութիւն  չունի։ Այս բոլոր խնդիրներու  անլուծելի մնալու կողքին, միւս կողմէն օտարերկրացիներու եւ փախստականներու քանակը  կը շարունակէ   աճիլ։ Այսօր Լիբանանի բնակչութեան 30-40 տոկոսը օտարներ են: Այստեղ խնդիրը օտարի հանդէպ անհանդուրժողականութիւնը չէ, բայց անոնց մեծ քանակութեամբ ներկայութիւնը քաղաքի ընդհանուր միջավայրին, մթնոլորտին վրայ սկսած է ազդել, Պէյրութի դիմագիծը սկսած է աղաւաղուիլ:  Եւ այս մէկը դարձեալ կ'ուզեմ շեշտել, այդ օտարները չսիրելու կամ անոնց ներկայութիւնը չհանդուրժելու հարց չէ, խնդիրը այն է, որ այդ օտարերկրացիները բազմազան են, 10 տեսակ ժողովուրդ իրար հետ կ'ապրին, իրենց համար նոր տեսակ ընկերութիւն մը (Society) կը ստեղծեն, «նոր տեսակ» մարդիկ մէջտեղ կու գան, որոնք ինչ մտածելակերպ ունին, ինչ կը մտածեն քաղաքին մասին, չենք գիտեր, այս միջավայրը եւ մթնոլորտը արդէն օտար է  բնիկ լիբանանցիին համար:

 

-Իսկ համայնքին մէջ ի՞նչ կը խօսուի, լիբանանահայութիւնը ի՞նչ կը մտածէ քու կարծիքովդ: Ի՞նչ կը լսես համայնքի տարբեր շրջանակներէն:

Հայկական համայնքը, իմ կարծիքովս, միասնական ըլլալու հարց ունի տակաւին, անջատողական մտածելակերպ կայ հայութեան մէջ, որպէս համայնք կեդրոնացուած չենք, նոյնիսկ Պուրճ Համուտը, որ հայերու կեդրոնն էր, այլեւս այդպէս չէ, եթէ համայնքի ղեկավարները կը փորձեն իրենք իրենց համոզել, որ Պուրճ Համուտը  հայերուս կեդրոնն է, բայց   գետնի վրայ իրավիճակը  ատ չ՚ըսէր: Շատ բան փոխուած է, հայութիւնը անցեալին ինքզինք ապահովուած կը զգար իր տարածքէն ներս, բայց այսօր այդպէս չէ,  հայութեան քանակն ալ քիչցած է, այսօր օտարներ շատ կան Պուրճ Համուտի մէջ, եւ որպէս օրինակ կրնամ յիշել անցեալ ամիս պատահած միջադէպը, ուր հայ մը սպաննուեցաւ, այդ մէջադէպը պարզ դէպք էր, երկու հայու միջեւ ալ կրնար պատահիլ, հարցը այն չէ, հարցը հոն է, որ նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխելու մասին, յետոյի մասին մտածող չկայ եւ այստեղ յանցաւորը միայն ղեկավարութիւը չէ, այլ նաեւ ժողովուրդը, որ իրենց տուները օտարներու վարձու կու տան:


իչ առաջ կարեւոր տուեալ մը ըսիր, որ աւելի շատ երիտասարդներն են որ կը հեռանան Պէյրութէն,այս ընթացքով լիբանանահայութիւնը կը տուժէ՞ քու կարծիքովդ:

Վերջին տարիներուն լիբանանահայութիւնը շատ  տուժեց եւ երկար ժամանակի վրայ աւելի պիտի տուժէ։ Նուազած է համայնքի թիւը, գաղթողները ընդհանրապէս երիտասարդեր են եւ անոնց քանակը օրէ օր կը շատնայ, նոյնիսկ Լիբանանը շատ սիրողները սկսած են մտածել Հայաստան փոխադրուելու մասին, այսինքն գաղութի ապագան խոստմնալից չէ, մարդիկ ամէն գնով կ'ուզեն երթալ, թէկուզ իրենց վիճակը չի ներեր։ Շատե կ՚ուզեն լքել Լիբանանը, քանի որ քաղաքը իրենց նուազագոյն պէտքերը  չի կրնար հոգալ։ Անշուշտ  այս  բոլորին վրայ  հարկ է աւելցնել, որ  մեզի  հայերուս  համար  անկախ հայրենիք մը ունենալու փաստը մեծապէս կը դիւրացնէ Լիբանանէն վերջանականապէս հեռանալու մասին որոշում առնելու ընտրանքը։ Մենք այլ ուղղութիւն չպէտք է ունենանք եւ մեր բոլորին ուղղութիւնը դէպի Հայաստան  պէտք է ըլլայ։