image
Հրատապ լուրեր:

Պերճ Սեդրակեանի Այցը՝ ՀԲԸՄ Հայաստանի Կեդրոնատեղին

Պերճ Սեդրակեանի Այցը՝ ՀԲԸՄ Հայաստանի Կեդրոնատեղին

Օրերս Երեւան գտնուող ՀԲԸՄ-ի Նախագահ պրն. Պերճ Սեդրակեանը, այսօր՝ Երք. Յուն. 19-ին, նոյն միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Յակոբեանի ուղղեկցութեամբ,  այցելած է Երեւանի մէջ «Մելիք Ադամեան»ի անուան փողոցին վրայ գործող նորաբաց ՀԲԸՄ Հայաստանի կենդրոնատեղին: Սեդրակեան շրջելով կառոյցի մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններու գրասենեակները, ողջունած է եւ մօտէն ծանօթացած՝ անոնց վարած գործունէութիւններուն, որոնք ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան նոյնանման մտածողութեամբ ու նախաձեռնութիւններով կ'աշխատին՝ յանուն հայութեան եւ Հայաստանի հզօրացման:

 


Նշենք նաեւ, որ նոյն օրը առաւօտուն պրն.Պերճ Սեդրակյանն ու անոր ուղղեկցող Վազգէն Յակուբեանը հանդիպում ունեցած էին  ՀՀ սփյուռքի նախարար տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի հետ, ուր երկուստէք կարեւորած են յետագայ համագործակցութեան եւ համատեղ նոր ծրագիրներ իրականացնելու գաղափարը: