image

Թուրք Ազգայնականներ Հրկիզած Են HDP Կուսակցութեան Անգարայի Գլխաւոր Կեդրոնատեղին

Թուրք Ազգայնականներ   Հրկիզած Են HDP   Կուսակցութեան  Անգարայի  Գլխաւոր  Կեդրոնատեղին

Թուրքիա-(BBC-Լոնտոն)   Անծանօթներ   հրկիզած են   քրտամէտ  HDP        կուսակցութեան    Անգարայի գլխաւոր կեդրոնատեղին: Այս  մասին լուրը տրուած է     BBC -ին կողմէ:   Կը հաղորդուի նաեւ, որ  երկրի  տարբեր հատուածներուն  եւ յատկապէս Պոլսոյ մէջ  HDP  կեդրոններու վրայ յարձակումներ  գործուած են:    Մինչ  թուրք   ազգայնական  ծայրայեղականներ     այս գրոհները կը կատարեն   վերջին օրերուն  տեղի ունեցած  բախումներէն եւ   PPK-ի  կողմէ երկրի   արեւելեան հատուածին մէջ  թուրք 14    ոստիկաններու սպաննութիւնէն ետք անդին վարչապետ   Ահմատ  Տաւութօղլու հանդարտութեան կոչ ըրած է բոլոր կողմերուն: