Կարճ գրառում մը կատարելով Տէր Արմէն քահանայ Մելքոնեանը յայտարարեց, որ յետ այսու կապ պիտի չունենայ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութեան հետ։
Ճիշդ է, որ քահանան, որ վերջին տարիներուն կոչուած է հոգեւոր ծառայութիւն կատարելու Հոլանտայի որոշ արուարձաններու մէջ, կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող նախաձեռնութեան հիմնադիր մը չի համարուիր, բայց եւ այնպէս այս շարժումի առաջին օրերէն ու յաճախ ալ Հայաստան ժամանելով սատարեց այդ նախաձեռնութեան։
Ուշագրաւ է նաեւ, որ Տէր Արմէնը կարծիք յայտնած է, որ այս շարժումը «ծրագիր» չունի։ Անկասկած, որ աս խօսքին ամբողջական իմաստը ու Տէր Արմէնին այդ նախաձեռնութիւնէն հեռանալու արարքը որոշ ժամանակ մը քննարկութեան նիւթ պիտի դառնան, մանաւանդ նախաձեռնութեան ղեկավար անդամներուն համար, որոնք այսօր եւս Երեւանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած են, որ մինչեւ վերջ պիտի երթան իրենց պահանջներուն մէջ, որոնց ամենագլխաւորը Գարեգին Բ.ն կաթողիկոսի լուսաւորչի գահէն հրաժարական տալն է։
Ինչ խօսք, որ հերթական դարձած ու անձնական մակարդակի հանուած վիրաւորանքներէն ու մեղադրանքերէն բացի, նոյն այդ նախաձեռնութեան առաջնորդ անդամները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը առանց «ճանապարհային քարտէզ»ի ու ակներեւ է նաեւ, որ «ներսէն» անոնց համար կենսական համարուած նեցուկի բոլոր հիմնական կամուրջները գրեթէ այրուած են։
Անոնք լաւ պէտք է հաշուառեն, որ այսօր Մայր Աթոռին մէջ բոլորովին նոր իրավիճակ մը կայ ու իրենք ամէն գնով պարտաւոր են հաշուի նստիլ այդ նոր իրականութեան հետ։