Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ներկացնող վերլուծաբաններուն, պատմաբաններուն եւ մասնագէտներուն համար առանցքային եւ նոյնիսկ ուսանելի եղած է լիբանանահայութեան դերը։
Լիբանանահայութիւնը, որպէս մէկ ամբողջութիւն եւ որպէս կարեւոր մասնիկն ու բաղկացուցիչը հայմայնքերէ բաղկացող եւ համայնքային դրութեամբ ապրող հասարակութեան մը, որուն գոյակցութեան, իրար հասկացողութեան եւ հաւասար իրաւուքներով ապրելու դրոյթները կը շարունակեն մնալ կարեւոր հիմնատարներ երկիրը զերծ պահելով ներքին անախորժ եւ նոյնիսկ վնասաբեր ցնցումներէ, ընդհուպ մինչեւ արիւնալի ճակատումներէ։
Ու այսօր, հակառակ բոլոր տեսակի վստահեցումներուն, առհասարակ լիբանանցիք ու նաեւ անոնք, որոնք մօտէն կը հետեւին Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն ու Լիբանանի մէջ
ընթացք առած բողոքի ալիքին, կը շարունակեն մտահոգուած ըլլալ այդ չքնաղ երկրի ապագայով։
Արդեօ՞ք Լիբանանը նոր պատերազմի սեմին է, արդեօ՞ք երկիրը դէպի գահավիժում կ՚ընթանայ ... այս տիպի յար եւ նման հարցումներ, որոնց պատասխանը կը յամենայ, մինչ գետնի վրայ անորոշութեան տանող առկայ բաղադրիչները ամէնօրեայ դրութեամբ կ՚աճին ու կ՚աճին։
Մեր ուշադրութեան կիզակէտ հանդիսացաւ Asociated Press լրուատական գործակալութեան կողմէ պատրաստուած կարճ տեսանիւթ մը, ուր գործակալութեան լրագրողը արագ հայացքով մը ներկայացուցած է Լիբանանի հայկական թաղամասերը եւ նոյնպէս զրոյց մը կատարած է լիբանանահայ պատասխանատուի մը հետ։
Լրագրողին եւ հայ պատասխանատուին միջեւ եղած զրոյցը կարեւոր է մի քանի առումներով. նախ այն պատճառով, որ տեսանիւթը լոյսին կը բերէ լիբանանահայ զանգուածներուն կողմէ որդեգրուած «Դրական չէզոքութիւն» մօտեցումը ու նաեւ, որ հանրութեան ցոյց կու տայ, թէ նուիրեալներ ինչպիտի արիութեամբ պաշտպանած են հայկական թաղամասերու անվտանգութիւնը: Բաց աստի կայ նաեւ պատերազմներէ, արիւնայեղութիւնէ եւ թէժ մարտերէ հեռու մնալու հայ պատասխանատուին յորդորը, որն ուղղուած է բոլոր լիբանանցիներուն եւ որ ազդեցիկ եւ իմաստալից է՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք AP-ի լրագրողին եւ հայ պատասխանատուին մինչեւ եղած զրոյցին սղագրութիւնը.
-Դուք, կը մասնակցի՞ք Լիբանանի պատերազմին
- Այո կը մասնակցինք: Սակայն կը մասնակցինք «դրական չէզոքութեան» դիրքերէ եւ մեզի համար գերագոյն նպատակ է հակամարտող կողմերը իրար մօտ բերել։ Մենք հաւատացած ենք, որ Լիբանանի մէջ առկայ խնդիրները կարելի է լուծել միայն քաղաքական հարթակի վրայ եւ մանաւանդ հեռու վայրագութենէ եւ դաժան պատերազմներէ։