Վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած են Լիբանանի հիւսիսը, պաղեստինեան գաղթակայանի մօտ, լիբանանեան բանակի կառուցած քարեղէն բարձր պատին նկարները եւ անոր յարող հսկողութեան աշտարակները: Նկարներուն հետ մէկտեղ դժգոհութիւններ արձանագրուած են՝ բարձրացած պատը նմանցնելով Պաղեստինի՝ արեւմտեան գրաւուած ափին մէջ իսրայէլցիներուն կառուցած անջատման պատին:
Լիբանանեան բանակի զինուորական աղբիւր մը «Ֆրանս Փրէս» գործակալութեան յայտնած է, թէ «Պատին կառուցման նպատակն է նուազեցնել ահաբեկիչներու ներմուծումը Այն Ալ Հլուէ գաղթակայան, ուր վերջերս ձերբակալուած են կարգ մը ահաբեկիչներ»:
Յայտնենք, որ Այն Ալ Հլուէ Լիբանանի ամենամեծ պաղեստինեան գաղթակայանն է, որ ձեւով մը ինքնավար կը համարուի: Ան դարձած է օրինազանցներու եւ ճիհատականներու կեդրոն: Հոն կ′ապրին աւելի քան 54 հազար գրանցուած պաղեստինցի գաղթականներ, որոնց միացած են Սուրիոյ ճգնաժամէն խոյս տուած հազարաւոր պաղեստինցիներ: