image

Պաղեստինցի 20-ամեայ Մունան Զօրակցած է Արցախին Եւ Հայ Զինուորին

Պաղեստինցի 20-ամեայ Մունան Զօրակցած է Արցախին Եւ Հայ Զինուորին

Արձագանգելով Արցախի մէջ վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ տեղ գտած ոտնձգութիւններուն, պաղեստինցի 20 ամեայ Մունա Պիպին դիմատետրի իր էջին թողարկած գրառումով մը  իր զօրակցութիւնը յայտնած է հայ ժողովուրդին, դատապարտելով Ազէրպէյճանի իշախանութիւններու անիրաւացիութիւնը: Մունա գրառման մէջ նշած է, թէ ինք որպէս ​​պաղեստինցի չի կրնար  հայերու կողքին չկանգնիլ՝  յանուն ազատութեան եւ անկախութեան անոնց տարած պայքարին մէջ: «Մենք, երկու ժողովուրդներ ենք, որ տառապած ենք բռնութենէ, արտաքսումէ, ցեղասպանութենէ, հայրենիք կորսնցնելէ, անիրաւութենէ եւ հալածանքներէ: Մենք երկուքս ալ փլատակներու տակէն միշտ դուրս եկած ենք, դիմադրութեան ու պայքարի ոգիով» գրած է քսանամեայ աղջիկը, աւելցնելով, որ հայ ու պաղեստինցի ժողովուրդը կը կիսեն նոյն թշնամին. «1990-ական թուականներէն Իսրայէլը լիովին աջակցած է Պաքուի իշխող վարչակարգերուն: Տարիներ շարունակ Ազրպէյճանի վարչապետ Իլհամ Ալիեւը դատապարտած է «Համաս»ը եւ քննադատած է Պաղեստինի ինքնապաշտպանութեան եւ ինքնավարութեան իրաւունքը: Պաքուի կառավարութեան կողմէ ազատ խօսքի եւ հաւաքներ կազմակերպելու ճնշումներուն ենթարկուած են նոյնիսկ Պաղեստինի ժողովուրդին կողքին եղող  ազրպէյճանցի ցուցարարները»:

Ան հաղորդելով դէպքերու մասին, գրած է. «Շաբաթ օր, 2 ապրիլ 2016-ին ազրպէյճանական բանակը յարձակում գործած է Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին (Արցախ), խախտելով 1994-ի Ազրպէյճան-Հայաստան կրակի միջազգային գետնի վրայ  սահմանուած դադրեցումը:  Հայ կանայք, երեխաներ եւ անզէն քաղաքացիներ զոհ գացին ազրպէյճանական թշնամութեան»:

Ան իր թողարկման աւարտին նշած է. «Ես  Արցախի ժողովրդի կողքին եմ, ազատութեան համար իրենց տարած պայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ  հայ զինուորներու կողքին, որոնք կը պայքարին յանուն ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնիշխանութեան» եւ գրառման կցած է լատինատառ եւ հայատառ զօրակացական հէշթէկներ՝ #OurStrugglesUnite  #ArtsakhStrong  #WithOurSoldiers  #NKpeace  #Artsakh  #Karabakh  #Միշտձերկողքին # Հայոցբանակ  # ԶՈՄ: