2019թ. 15 յունիսին` ժամը 11:45-ի սահմաններուն, N զօրամասի մարտական դիրքին վրայ, պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Հ. Գալստեանի` ձախ աչքի շրջանի հրազէնային վնասուածք ստանալու դէպքի առթիւ առաջին կայազօրային քննչական բաժնէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 34-104-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատարուի նախաքննութիւն:
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ քննչական կոմիտէի բաժնի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն:
Քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին, յանցագործութիւն կատարելու կասկածանքով, ձերբակալուած է Հ. Գալստեանի ծառայակիցը:
Հ. Գալստեանը քրէական գործով ճանչցուած է տուժող: