image
Հրատապ լուրեր:

Նորվեկիա կը վտարէ Քիւրտ կրօնական գործիչ Ալմալլա Գրիգըրը

Նորվեկիա կը վտարէ Քիւրտ կրօնական գործիչ Ալմալլա Գրիգըրը

Նորվեկիոյ գերագոյն ատեանը մերժած է ահաբեկչական խմաբաւորումի մաս կազմելու մէջ մեղադրեալ քիւրտ կրօնամոլ քարոզիչ՝ Ալմալլա Գրիգըրի բողոքագիրը, եւ ընդունած է զինք Իտալիոյ յանձնելու որոշումը: Այս մասին կը գրէ «Ալ Քուտս», յայտնելով, որ իտալիոյ ոստիկանութիւնը կը կասկածի, թէ 1991-էն Նորվեկիա գաղթած Ալմալլա Գրիգըր (60 տարեկան, բուն անունով Նաժմ Ալտին Ահմէտ Ֆարաժ), քրտական ճիհատական շարժում մը կը ղեկավարէ «Ռաութի Շախ» (Դէպի Լեռներ) անունով, որ կապ ունի «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման հետ: Կ'ենթադրուի նաեւ, որ Գրիգըր արեւմուտքի վրայ յարձակումներ ծրագարած է:

Իր կարգին, Ալմալլա Գրիգըր հաստատած է, որ իր միակ նպատակը՝ Իրաքի Քիւրտիստանի մէջ, քաղաքական կուսակցութիւն կազմելն էր:

Յիշեցնենք, որ 2003-ին, Նորվեկիոյ մէջ, Ալմալլա Գրիգըրի հասցէին երկրէն հեռացուելու որոշում հրապարակուած էր, ազգային անվտանգութեան սպառնալիք հանդիսանալուն համար, սակայն չէր իրագործուած, Իրաքի մէջ անոր հասցէին ելած մահապատիժի վճռի գործադրման վտանգի պատճառով: Անոր անունը նշուած է նաեւ ՄԱԿ-ի եւ ԱՄՆ-ի ահաբեկչութեան մէջ մեղադրեալ անձանց ցանկին մէջ: