Յայտնի դարձած են Թուրքիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ ռազմարդիւնաբերական համագործակցութեան նոր մանրամասներ։
«CNN Türk»-ի փոխանցմամբ` բրիտանական «BAE Systems» ընկերութիւնը եւ ռազմատիեզերական արդիւնաբերութեամբ զբաղուող թրքական «TUSAŞ» (Turkish Aerospace Industries) ընկերութիւնը նախօրէին ստորագրուած պայմանագրի համաձայն համատեղ պիտի զբաղուին թրքական «TF-X» ռազմական ինքնաթիռներու արտադրութեամբ:
Երկու պետութիւններու կողմէ հովանաւորուող պայմանագիրի ծիրէն ներս թուրք եւ անգլիացի ճարտարապետներ ինքնաթիռի ձեւաորման, մշակման եւ ընդհանուր կատարելագործման ուղղուած աշխատանքներ պիտի կատարեն, ինչպէս նաեւ՝ իրար պիտի օգնեն արհերստավարժական եւ թեքնիքական սպասարկման ոլորտէն ներս: Մեծ Բրիտանիոյ՝ Եւրոմիութենէն դուրս գալու որոշումէն ետք այս նախագիծը առաջին քայլն է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու մէջ:
Պայմանագիրի արժէքի վերաբերեալ տարբեր աղբիւրներու մէջ տարբեր տեղեկութիւններ կը նշուին: Սակայն յայտնի է, որ նախագիծի առաջին փուլի համար պիտի առանձնացուի շուրջ 117 միլիոն եւրօ: «HaberTürk»-ի հրապարակած տեղեկութեան համաձայն, միւս փուլերու հետ մէկտեղ նախագիծի ընդհանուր արժողութիւնը պիտի կազմէ շուրջ 7 միլիառ եւրօ: Արդիւնքը՝ Թուրքիոյ զինուած ուժերը կը համալրուին 250 «TF-X» ինքնաթիռով:
Ենթադրաբար 20 տարի տեւողութեամբ նախագիծի աւարտին Թուրքիան հնարաւորութիւն կը ստանայ վաճառելու սեփական արտադրութեան ռազմական ինքնաթիռները: Բացի այդ, Թուրքիան կփունենայ նաեւ «TF-X» ինքնաթիռներու ծրագրային քոտերը եւ այդ ինքնաթիռներու արտադրութեան մէջ մասնագիտացուած ճարտարապետներ:
Ինքնաթիռի առաջին նախատիպը պատրաստ պիտի ըլլայ 2023-ին, իսկ առաջին թռիչքը պիտի կատարուի 2030-ին: