image

Նոր Տեղեկութիւններ Քեսապի Ընդհանուր Իրավիճակի Մասին

Նոր Տեղեկութիւններ Քեսապի Ընդհանուր Իրավիճակի Մասին

Հայկական լրատուական տարբեր աղբիւրներ երէկ լուր հաղորդած էին  Քեսապի վրայ ինկած հրթիռներու մասին: «Արեւելք» մօտէն տեղեակ ըլլալու համար ընդհանուր իրավիճակի մասին, կապ հաստատեց Քեսապի իր աղբիւրին հետ: Մեր աղբիւրը յայտնեց, որ երէկ գիւղին վրայ ինկած հրթիռները եղած են ոչ թէ թրքական հողերէն, այլ գիւղին շուրջ եղող թիւրքմէն գիւղերէն: Նշենք նաեւ, որ Քեսապի պատկան մարմինները կը յորդորեն հայկական լրատուական միջոցները աւելի զգոյշ եւ զգօն ըլլան Քեսապի մասին հաղորդուելիք որեւէ լուրի պարագային: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ գիւղին մէջ կը տիրէ բնականոն իրավիճակ մը:

Յայտնենք, որ լուրին մէջ տեղ գտած լուսանկարը առնուած է երէկ՝ հրթիռի պայթումէն անմիջապէս յետոյ: