image

Ռիչըրտ Կիրակոսեանի Կորուստը

 Ռիչըրտ Կիրակոսեանի Կորուստը

Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեան 19 Սեպտեմբերին մահացած է Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։

Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն՝ Կիրակոսեանի մօտ ախտորոշուած էր ուղեղային արիւնահոսութիւն։

Ռիչըրտ Կիրակոսեան երկար տարիներ զբաղած է Հարաւային Կովկասի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերով՝ իր վերլուծութիւններով ու հրապարակային ելոյթներով ներկայութիւն ունենալով նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ։

Անոր մահը կը նշանակէ տարածաշրջանային քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած կարեւոր վերլուծական ձայնի մը կորուստը։

«Արեւելք» կը ցաւակցի Ռիչըրտ Կիրակոսեանի ընտանիքին, հարազատներուն, գործընկերներուն եւ բարեկամներուն։