image

Վաղարշակ Յարութիւնեան Ռուսաց Պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուցած է սահմանի ընդհանուր վիճակը

Վաղարշակ Յարութիւնեան Ռուսաց Պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուցած է սահմանի ընդհանուր վիճակը

 

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուն 19 Մայիսի երեկոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ, անոնք քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը` յղում տալով ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան:
«Զրոյցի ընթացքին քննարկուած է իրավիճակը տարածաշրջանին եւ այն շրջաններուն մէջ, ուր ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը կը կատարէ իր յանձնարարութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ՀՀ ՊՆ-ն ալ յայտնած է, որ Վաղարշակ Յարութիւնեանը ներկայացուցած է ատրպէյճանական զինուած ուժերու սադրանքներու հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ հայկական կողմի գործողութիւնները։ Երկուստեք կարեւորուած է խնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը շեշտած է, որ ոտնձգութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու հանդէպ բացարձակ անընդունելի են եւ ատրպէյճանցի զինուորականները պարտաւոր են վերադառնալ ելման դիրքեր։