Ֆրանսայի մէջ Փոլիսարիօ ճակատի ներկայացուցիչ Ապի Պշարի Ալ Պաշիր անդրադարձած է Մարոքի կողմէ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի հետ յարաբերութիւնները խզելուն, որուն պատճառ հանդիսացած է, ըստ մարոքեան կողմի, վերջիններուս կողմէ Փոլիսարիոյին տրամադրուած օժանդակութեան:
«CNN» լրատուական ցանցին փոխանցմամբ, Ապի Պշարի Մարոքի կառավարութենէն պահանջած է ապացոյցներ ներկայացնել իր կողմէ հնչած մեղադրանքները հաւաստիացնող:
Ալ Պաշիր շեշտած է, որ Փոլիսարիօն իր զինեալ պայքարի ողջ ընթացքին բացառապէս ապաւինած է իր մարդուժին եւ անապատային ուժերուն վրայ, եւ երբեք որեւէ օտարերկրեայ ուժերէ օժանդակութիւն չէ ստացած: