image

«Նոր պարագաները բուժում պիտի ստանան տան մէջ» Նախարար Թորոսեան

«Նոր պարագաները բուժում պիտի ստանան տան մէջ» Նախարար Թորոսեան

Կը պատրաստուինք յաջորդ սենարին, երբ հնարաւոր է՝ բոլորը հիւանդանոց չտեղափոխել, կամ հիւրանոցներուն մէջ չպահել, այլ շարժինք այլ երկիրներու օրինակով, երբ «Քորոնա» ժահրով վարակուածութեան թեթեւ դէպքերը կը մնան տունը։ Այս մասին 26 ապրիլին, «Ազատութեան» եթերէն ըսած է Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը՝ անդրադառնալով վերջին շաբթուան ընթացքին գրանցուած վարակուածութեան թիւերու աճին։ 

«Այս ձեւը, ի հարկէ, վտանգներ կը պարունակէ, քանի որ կը գրանցուին տնային փոխանցման դէպքեր, բայց այդ կրնայ ըլլալ միակ հնարաւոր ուղղութիւնը , որովհետեւ հնարաւոր չէ բոլորը պահել հիւանդանոցները։ Մեր խնդիրը այդ պարագային պիտի ըլլայ միայն միջին եւ ծանր դէպքերը»,– ըսած է ան։ 

Նշենք, որ անցնող շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 407 նոր դէպք, 253 առողջացած, վեց մահ։