image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան մինչեւ 10 օր երկրին նոր վարչապետ պիտի նշանակէ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան մինչեւ 10 օր երկրին նոր վարչապետ պիտի նշանակէ

Այսօր կառավարութեան նիստի աւարտին ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց իր հրաժարականի մասին: 

Տարածուած լուրերու համաձայն, վարչապետի պաշտօնի համար կը քննարկուի Երեւանի նախկին քաղաքապետ, «Հայռուսգազարդի» նախկին ղեկավար Կարէն Կարապետեանի թեկնածութիւնը: Սակայն, ՀՀ Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի համաձայն, Հանրապետութեան Նախագահը վարչապետ կը նշանակէ կառավարութեան հրաժարականը ընդունելէն 10 օր ետք եւ միայն անկէ ետք է, որ նոր վարչապետի պաշտօնը վարողի մասին կարելի կ'ըլլայ իմանալ:

Մինչ այդ, կառավարութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնները կատարել մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը, որ կ'ըլլայ նոր վարչապետի նշանակումէն ետք` քսան օրերու ընթացքին:

Նշենք, որ Յովիկ Աբրահամեան ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցուցած է 2014-ի 13 ապրիլէն, փոխարինելով Տիգրան Սարգսեանին, որ ներկայիս Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահն է: