Լիբանանը կ՚ապրի ճակատագրական պահեր եւ երկրին մէջ առկայ տնտեսական տագնապն ու բողոքի ալիքները կը շարունակուին։
Լիբանանեան լրասփիւռներ այսօր խօսելով երկրի քաղաքական իրադրութեան մասին նկատել տուած են, որ շատ հաւանաբար Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն յառաջիկայ օրերուն ընթացք տայ նոր վարչապետի նշանակման վերաբերեալ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն։
Նոյն առումով ուշագրաւ տեղեկութիւն մը կը հաղորդէ «Ալ Նահար» պարբերականը՝ նշելով որ կարեւոր զարգացումով մը քաղաքական շրջանակներ շրջանառութեան մէջ դրած են Սամիր Խաթիպի անունը, որպէս վարչապետի թեկնածու։
Թերթը նաեւ գրած է, որ Խաթիպ կը վայելէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանի ԱԳ նախարար Ժըպրան Պասիլի զօրակցութիւնը։
Կը նշուի նաեւ, որ քաղաքական գործիչներ Մոհամմատ Սաֆատի եւ Պահիժ Թապպարա անուններէն ետք (որոնք տարբեր պատճառներով հրաժարեցան վարչապետի թեկնածու դառնալու ընտրանքներէն) Լիբանանցի գործարար Սամիր Խաթիպի անունը այսօրուան դրուածքով կը համարուի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու գլխաւոր թեկնածուի անուն։
Կը նշուի նաեւ, որ Խաթիպ ջերմ յարաբերութիւններ ունի, ոչ միայն Հարիրիի հետ, այլ նաեւ մօտ անձնաւորութիւն կը համարուի (ազգականական կապ) Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէն՝ զօր. Ապպաս Իպրահիմին հետ, որն իր կարգին իր ունեցած պաշտօնին եւ ձեռնահսութեան արդիւնքով լաւագոյն կապեր ունի Լիբանանի շիիթ երկու գլխաւոր ուժերուն՝ «Հըզպալլա»ի եւ «Ամալ»ի հետ։
Ամէն պարագայի շատ բան կապուած է Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընթացք առնելիք խորհրդակցութիւններու բնոյթէն ու նոր վարչապետի անուան բացայայտումէն ետք ալ շատ կարեւոր խօսք կրնայ ըսել փողոցը, ուր ցուցարարները իրենց հակազդեցութեամբ կրնան շատ բան փոխել երկրի քաղաքական դրութեան եւ առաջիկայ լուծումներու գոյացման առընթեր։