Երէկ երեկոյեան, իր նախագահական նստաշրջանի երկրորդ տարեդարձի առիթով, լրագրողներուն հետ բաց հանդիպման մը ընթացքին, Լիբանանի նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն իր ամբողջական նեցուկը յայտնեց Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիին:
Աուն դիտել տուաւ, որ վարչապետ Հարիրի պէտք է ըլլայ ուժեղ եւ բոլորը պէտք է ամէն գնով նեցուկ կանգնին իրեն:
Աուն, որ խօսեցաւ իր նստաշրջանի ընթացքին իրագործուած տարբեր օրակարգերու մասին, մասնաւորապէս նշեց, որ Լիբանան յաջողեցաւ այս երկու տարիներու ընթացքին միջազգային ատեաններու առջեւ օրակարգի թեմայ դարձնել Լիբանան հաստատուած սուրիացի փախստականներու խնդիրը, որ իրապէս մեծ տագնապ եւ բեռ է երկրին համար:
Ան նաեւ ըսաւ, որ այսպիսի թեմաներ ժողովուրդի կողմէն հետաքրքրութեան առանցք չեն, որովհետեւ ժողովուրդը աւելի հետաքրքրուած է իր առօրեայ խնդիրներու կարգաւորմամբ:
Յիշեցնենք, որ երկու տարիներ առաջ նախագահ դարձած Զօր. Միշէլ Աունի համար աւանդութեան դրուածք ստացած է լրագրողներու հետ բաց հանդիպումը, որ տեղի կ'ունենայ իւրաքանչիւր տարուան 31 հոկտեմբերի գիշերը: