Ռուսաստանի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ Վալերի Գերասիմով ցաւակցութիւն յայտնած է իր պաշտօնակից, զօրավար Հուլուսի Աքարին՝ Հալէպի մէջ ռուսական օդանաւի հարուածի պատճառով երեք թուրք զինուորներու մահուան կապակցութեամբ: Այս մասին կը գրէ ԹԱՍՍ-ը, վկայակոչելով ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, ուր յայտարարած էր, որ հարուածը կանխամտածուած չէր:
Գործողութիւնները տեղի ունեցած են Ալ-Պապի տարածքին: Ռուսական ռմբակոծիչ օդանաւը նշուած տարածքին մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու ոչնչացման միտուած մարտական առաքելութիւն կը կատարէր:
Գերասիմովը հեռախօսային բանակցութիւններ վարած է իր թուրք գործընկերոջ հետ: Անոնք քննարկած են Սուրիոյ մէջ միջազգային ահաբեկչական խումբերու դէմ պայքարը եւ Հալէպի հիւսիսային շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը: