image

Մոսկուան հաստատած է ռուսական օդուժի պատճառով Սուրիոյ մէջ 3 թուրք զինուորականի մահուան լուրը

Մոսկուան հաստատած է ռուսական օդուժի պատճառով Սուրիոյ մէջ 3 թուրք զինուորականի մահուան լուրը

Ռուսաստանի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ Վալերի Գերասիմով ցաւակցութիւն յայտնած է իր պաշտօնակից, զօրավար Հուլուսի Աքարին՝ Հալէպի մէջ ռուսական օդանաւի հարուածի պատճառով երեք թուրք զինուորներու մահուան  կապակցութեամբ: Այս մասին կը գրէ ԹԱՍՍ-ը, վկայակոչելով ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, ուր յայտարարած էր, որ հարուածը կանխամտածուած չէր:

Գործողութիւնները տեղի ունեցած են Ալ-Պապի տարածքին: Ռուսական ռմբակոծիչ օդանաւը նշուած տարածքին մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու ոչնչացման միտուած մարտական ​​առաքելութիւն կը կատարէր:

Գերասիմովը հեռախօսային բանակցութիւններ վարած է իր թուրք գործընկերոջ հետ: Անոնք քննարկած են Սուրիոյ մէջ միջազգային ահաբեկչական խումբերու դէմ պայքարը եւ Հալէպի հիւսիսային շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը: