Լիբանանի վարչապետի տեղակալ Ղասսան Հասպանի Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Պոկտանովի հետ քննարկած է Լիբանանի իրավիճակը, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Հանդիպման առթիւ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Այսօր, 15 նոյեմբերին, հանդիպում տեղի ունեցած Պոկտանովի եւ պաշտօնական այցով Մոսկուա գտնուող Լիբանանի վարչապետի տեղակալ Առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ներքին քաղաքական ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տարբեր ասպարէզներու մէջ Ռուսիա-Լիբանան երկկողմ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը»:
Ռուսական կողմը շեշտած է, որ Լիբանանի ներքին խնդրայարոյց հարցերուն լուծումը պէտք է ապահովուի բացառապէս լիբանանցիներու կողմէ, առանց որեւէ արտաքին միջամտութեան: