Սէուտական Արաբիոյ մէջ երէկ մեկնարկած է այն պաղեստինցի արաբներու դատավարական գործընթացը, որոնք կ'ամբաստանուին յօգուտ Իսրայէլի լրտեսութիւն կատարելու մէջ:
Huffingnton post- արաբական ծառայութեան համաձայն, նշուած արաբները կը պատրաստուէին իսրայէլեան Մոսատի օգտին լրտեսութեամբ զբաղիլ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, այնուհետեւ Հաճի ամսուան ընթացքին ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնել:
Աղբիւրին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, ամբաստանեալները Սէուտական Արաբիա ժամանած էին ուխտագնացութեան նպատակով:
Վերջիններս մեղադրուած են Մոսատի հետ համագործակցելու, լրտեսութեան, ինչպէս նաեւ «Իսլամական Պետութեան» հետ հաղորդակցելու մէջ: Անոնցմէ մէկը մեղադրուած է նաեւ ինքզինք սպասուած մեսիան անուանելու, ինչպէս նաեւ թմրամիջոցներ օգտագործելու մէջ: