Սէուտական արաբիոյ թագաւորը հրամանագիր հրապարակած է, որու համաձայն Մոհամետ պըն Նայեֆ պըն Ապտ Ալ-Ազիզ իշխանը ազատ կը կացուցէ գահաժառանգի պաշտօնէն, եւ անոր փոխարէն կը նշանակուի Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտ Ալ-Ազիզ իշխանը: Այս մասին կը հաղորդէ Սէուտական պետական լրատու գործակալութիւնը:
Հրամանագրի համաձայն, Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտ Ալ-Ազիզ իր նախքին պաշտօնին կողքին, որպէս պաշտպանութեան նախարար, պիտի ստանձնէ նաեւ փոխ վարչապետի եւ գահաժառանքի պաշտօնը:
Ապտել Ազիզ պըն Սէուտ պըն Նայեֆ իշխանը իր կարգին նշանակուած է ներքին գործոց նախարար: