Ընկերութեան վերջին կէս դարու ընթացքին եւ թերեւս ալ վերջին դարուն, բազմաթիւ եւ այլազան տօներ յառաջացած են, որոնք ամէն տարի ժամացոյցի սլաքի ճշգրտութեամբ կը նշուին, մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով։
Եթէ մտածենք տօն եզրի մասին, շատ պարզ ու յստակ բացատրութիւն եւ գոհացուցիչ պատասխան կը ստանանք։ Տօն՝ ուրախութիւն, ցնծութիւն, գարնանային տրամադրութիւն, հրճուանք, թեթեւութիւն, երջանկութիւն, եւայլն, եւայլն։
Խնդիրը, սակայն, տօնը կամ տօները չեն, այլ տօներուն հերոսները։ Օրինակ, մանուկներու, բանւորներու, մայրերու, հայրերու, գեղեցկութեան, երիտասարդներու, գարնանամուտի, եւ շարանը տակաւին երկար է։ Այս տօները սահմանուած են, որովհետեւ իրենց ետին ունին յատուկ եւ որոշակի նպատակներ, որոնք ծնունդ են զուտ բարոյական եւ մարդկային միտումներէ։ Սակայն, այսօրուան իրականութեան մէջ, երբ լաւապէս հետեւինք եւ ուշադրութեամբ զննենք մամուլը, համացանցը, ուր հարիւրաւոր՝ չըսելու համար հազարաւոր նիւթեր ու նկարներ կը տեղադրուին այդ տօներուն վերաբերեալ. եւ երբ ուշադրութեամբ հետեւինք, կը սարսափինք, նկատելով թէ տօնին կամ տօներուն հերոսները միայն պատրուակներ դարձած են, այլ խօսքով՝ արձաններ… Այս մէկը կու գայ հիմնաւորելու այն փաստը, որ այսօր աշխարհով մէկ միլիոնաւոր անիրաւուած մանուկներ, բանւորներ, մայրեր, հայրեր եւ երիտասադրներ կան, որոնք ընկերութեան օժանդակութեան ԿԱՐԻՔԸ ունին եւ կը զգան, սակայն… Միւս կողմէ մարդկային ընկերութեան «ազնուական» դասակարգը, հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները այդ տօներուն մեծ-մեծ գումարներ կը ծախսեն, այլ խօսքով՝ կը ՄՍԽԵՆ, շռայլութեան գերին դառնալով, վասն ինչի՞… վասն մարդկային սին ու փուճ հաճոյքներու։
Այս բոլորէն ետք մտորումներուս գիրկը կ'իյնամ, կը խարխափիմ… Արդեօ՞ք իմաստ ունի շարունակել այդ տօները տօնել։
Մտածելու լուրջ հարց...
Յակոբ Քորթմոսեան