Թուրքիոյ հայ համայնքին մէջ պատրիարքական ընտրութիւններու իրականացման ջատագով «Մտքի հարթակ»ը (Düşünce Platformu) հերքած է հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութիւնը:
Վերջինս, «Ակօս» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով պատրիարքական ընտրութիւններուն, յայտնած էր, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանը չեն ճանչնար որպէս Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ: Իսկ պատճառն ալ, ըստ Շիրինօղլուի, Պէքճեանի 2016 թուականին գերմանական թերթին տուած հարցազրոյցը եղած է, որ տեղադրուած էր նաեւ «Մտքի հարթակ»ի կայքէջին:
Հերքող յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «Տեսակէտներու հարթակ»ը հասարակական շարժում է, որ հանրութեան համար բաց ժողովներ հրաւիրելով, առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ փաստեր կը հաւաքէ եւ անոնց հիման վրայ լուծումներ կ'առաջարկէ համայնքի պատկան կառոյցներուն:
«Մեր աշխատանքներու ընթացքին մտքերու փոխանակում ամենաշատը կատարած ենք հիւանդանոցի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ վերջին հարցազրոյցի ժամանակ հարթակին անունը կապած է հարցազրոյցի մը հետ, որ դուրս է մեր հետաքրքրութիւններու շրջանակէն»:
Նշուած է, որ հարթակի էջի համակարգողները վստահաբար այդպիսի հարցազրոյցի հրապարակման հաւանութիւն չեն տուած:
«Այս ակնյայտ փաստ է, որ հնարաւոր է ապացուցել»- նշուած է յայտարարութեան մէջ: