image

Միհրան Պօղոսեան ձերբակալուած է Ռուսաստանեան մարմիններու ձեռամբ

Միհրան Պօղոսեան ձերբակալուած է  Ռուսաստանեան մարմիններու ձեռամբ

ՌԴ իրաւապահները Քարելիայի Հանրապետութեան մէջ ձերբակալած են ԴԱՀԿ նախկին ղեկավար Միհրան Պօղոսեանը, որ կը հետախուզուէր ՀՀ ՅՔԾ-ի կողմէ: Մամուլի այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած են ՅՔԾ-էն՝ նշելով, որ արտայանձման գործընթացը ընթացքի մէջ է։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի շրջանակէն ներս ՀՀ դատական աքթերու նախկին գլխաւոր հարկադիր կատարող Միհրան Պօղոսեանը ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասով ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ հանրօրէն վտանգաւոր այն արարքներու կատարման համար, որ ան, օգտագործելով պաշտօնէական դիրքը, վատնման եղանակով առանձնապէս խոշոր չափերով գոյք յափշտակած է եւ չարաշահած է իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները, ինչը առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ:

Նշենք, որ դատարանը 15 ապրիլին որոշում կայացուցած է երկու ամսով կալանաւորել զօրավարը։ Միհրան Պօղոսեանի նկատմամբ յայտարարուած էր հետախուզում: