image

«Միակ ցանկութինս Գերմանիա վերադառնալն է». «Տահէշ»ին միացած գերմանուհի

«Միակ ցանկութինս Գերմանիա վերադառնալն է». «Տահէշ»ին միացած գերմանուհի

Իրաքի բանակը ձերբակալեց  «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութեան միացած գերմանացի   պարմանուհի մը: Ըստ «Ալ Արապիա»  կայանին , գերմանուհին  ձերբակալուելէն ետք յատնած է , որ ան կը զղջայ «Տահէշ»ին  միանալուն համար  եւ կը ցանկայ վերադառնալ Գերմանիա եւ միանալ իր ընտանիքին:

«Տէր Շպիկըլ» ամսագիրը նոյնպէս տեղեկութիւն տուաւ, որ  անցեալ տարի, 4 գերմանացի   կիներ   միացած են  «Տահէշ»ին։ 4 կիներէն ամենափոքրը  16 տարեկան է։  Անոնք կիները այժմ կը գտնուին Իրաքի բանտերէն ներս եւ կը ստանան հիւպատոսարանի աջակցութիւնը:

 Նոյն առումով Իրաքի հանրային դատախազութեան  բանբեր մը  պատասխանատու մը յայտարարեց, որ գերմանացի աղջիկը՝ Լինտա Ճորճ, գտնուած է եւ ձերբակալուած:

Հարցաքքնութեան ընթացքին  աղջիկը ըսած է, որ  կ’ուզէ հեռանալ պատերազմէն, զենքերէն, եւ բոլոր կռուող կողմերէն: Անոր միակ, արդէն երազանք դարձած խնդրանքն է՝ վերադառնալ Գերմանիա եւ միանալ իր ընտանիքին: