Իրաքի բանակը ձերբակալեց «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութեան միացած գերմանացի պարմանուհի մը: Ըստ «Ալ Արապիա» կայանին , գերմանուհին ձերբակալուելէն ետք յատնած է , որ ան կը զղջայ «Տահէշ»ին միանալուն համար եւ կը ցանկայ վերադառնալ Գերմանիա եւ միանալ իր ընտանիքին:
«Տէր Շպիկըլ» ամսագիրը նոյնպէս տեղեկութիւն տուաւ, որ անցեալ տարի, 4 գերմանացի կիներ միացած են «Տահէշ»ին։ 4 կիներէն ամենափոքրը 16 տարեկան է։ Անոնք կիները այժմ կը գտնուին Իրաքի բանտերէն ներս եւ կը ստանան հիւպատոսարանի աջակցութիւնը:
Նոյն առումով Իրաքի հանրային դատախազութեան բանբեր մը պատասխանատու մը յայտարարեց, որ գերմանացի աղջիկը՝ Լինտա Ճորճ, գտնուած է եւ ձերբակալուած:
Հարցաքքնութեան ընթացքին աղջիկը ըսած է, որ կ’ուզէ հեռանալ պատերազմէն, զենքերէն, եւ բոլոր կռուող կողմերէն: Անոր միակ, արդէն երազանք դարձած խնդրանքն է՝ վերադառնալ Գերմանիա եւ միանալ իր ընտանիքին: