Մեծամօրի մէջ 12 օգոստոսին, տեղի ունեցաւ Ապրիլեան պատերազմին զոհուած Սաշա Գալստեանի եւ միւս զինծառայողներու յուշարձանի բացումը:
Միջոցառման ներկայ էին զոհուած զինծառայողներու հարազատները, Պաշտպանութեան փոխնախարար՝ Դաւիթ Բալայեանը, վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը: Յուշարձանը բացաւ Արմաւիրի մարզպետ Համբարձում Մատթէոսեան:
Յուշարձանի հեղինակ՝ Արթիւր Պաղտասարեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ յուշարձանը նախագծած է, նկատի առնելով յաւիտենութեան խորհուրդը եւ հայրենասիրութեան գաղափարը:
«Սաշայի ծնողի ու մեր կողմէ նախաձեռնուեցաւ ստեղծելու յուշարձան մը, որ կը միաւորէ մեր ժողովրդն ու մեր հերոսները: Ան միասնականութեան նպատակ կը հետապնդէ, որ այս յիշողութիւնը կենդանի մնայ ու երիտասարդներու կեանքը յետագայ սերունդներու համար օրինակ ծառայէ»,- ըսաւ յուշարձանի հեղինակը: