image

Մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ հեռացած են Ծաղկաձորէն

Մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ հեռացած են Ծաղկաձորէն

32 քաղաքացիները Ծաղկաձորի «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցին մէջ մեկուսացնելը, սխալ որոշում էր։ Այս մասին 2 մարտին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ծաղկաձորի բնակիչներէն մէկը։

Անոր խօսքով՝  Հայաստանի մէջ շատ տեղեր կան, որ բնակավայրերէն բաւականին հեռու են եւ կրնային այնտեղ տանիլ, իսկ սա բնակելի տարածքին մօտ է, բացի այդ ալ զբօսաշրջային քաղաք է։

«Կարելի էր տանիլ այնպիսի տեղ, որ գոնէ բնակիչներէն 5–6 քիլոմեթր հեռու ըլլային։ Քարտէզով, որ նայիք ՀՀ–ի մէջ նման դարմանատուներ կան, որ գործող չեն ու կարելի էր այդ ժողովուրդը այդտեղ տանիլ։ Երէկ Ծաղկաձորի մէջ շատ մարդ կար, այսօրուան դրութեամբ չկան, գացած են։ 2–3 օր առաջ ճոպանուղիի մօտ հերթ էր, 15–20 հոգի երկու շարքով հերթ  կանգնած կը բարձրանային վեր, բայց այսօր վերջ, չկայ այդ ամէնը։ Պէտք չէ մատներու արանքով նայիլ այդ ամէնուն։ Ինչքան զբօսաշրջիկ կար Ծաղկաձորի մէջ, ձգեցին, գացին»։

Քաղաքացիի խօսքով՝ իրենք երէկ հանդիպած են առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ, բնակիչներէն մէկը բարձրացած է հիւրանոցի տարածք, որպէսզի տեսնէ, թէ ինչ կը կատարուի այնտեղ. «Մեր տղաներէն մէկը բարձրացաւ հիւրանոց, տեսնելու ինչ կը կատարուի, վեր չբարձրացաւ՝ հիւանդներուն մօտ, բայց տեսաւ, թէ ինչ վիճակ կը տիրէ այնտեղ: Մեզի համոզեցին, որ ամէն ինչ նորմալ է, որ կ'աշխատին ատոր վրայ, մենք չենք ալ կասկածիր, պէտք է աշխատին, բայց ես այսօր համոզուած չեմ, որ այդ խնդիրը 100 տոկոսով կրնան լուծել»։