image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ թիւով քաղաքացիներ կը շարունակեն խոյս տալ Հալէպի արեւելեան շրջաններէն

Մեծ թիւով քաղաքացիներ կը շարունակեն խոյս տալ Հալէպի արեւելեան շրջաններէն

Սուրիոյ կառավարութիւնը միջոցներ կը ձեռնարկէ ընդունելու համար Հալէպի արեւելեան հատուածներէն խոյս տուողները: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ BBC Arabic կայանը, որ նոյնպէս կը հաղորդէ, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնն ու սուրիական «Կարմիր մահիկ»ը յայտարարած են, թէ վերջին 48 ժամուան ընթացքին, շուրջ 20 հազար մարդ խոյս տուած է ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ եղող  շրջաններէն: Կառավարութեան մէկ բանբերը ըսած է, որ տեղական մարմինները յատուկ շրջաններու մէջ կարեւոր պատրաստութիւնները տեսած են ընդունելու համար խոյս տուող քաղաքացիները: Յայտնենք, որ վերջին հինգ ամիսներուն ընթացքին, Հալէպէն փախչողներուն ընդհանուր թիւը հասած է  60 հազարի: