Միջին Արեւելքի ներկայ խառնակ վիճակը նորութիւն մը չէ ո՛չ այդ տարածաշրջանի բնակիչներուն եւ ոչ ալ ամբողջ աշխարհին համար: Երկար տարիներէ ի վեր Միջին Արեւելքը կ'ապրի այդ խառնակ վիճակը: Անցնող շրջանին երեւի այդ խառնակութիւնը այդքան ալ տեսանելի կամ զգալի չէր, ինչքան այսօր: Այդ ալ երեւի այն պատճառով, որով մեզի համար՝ հայերուս հետ առնչութիւն չունէր եւ կամ չէր սպառնար մեր այդ տարածաշրջանէն ներս գոյութեան: Սուրիական խնդիրով սակայն այդ խառնակութիւը մեզի համար ալ զգալի եղաւ, եւ ո՛չ միայն զգալի, այլեւ ահաւոր սպառնալիք մը դարձաւ: Սպառնալիք, ո՛չ միայն մեր այդ տարածաշրջանի մէջ գոյութեան, այլեւ՝ ընդհանուր մեր գոյութեան:
Գոյութիւն ըսելով ըսել կ'ուզեմ, որպէս հայ գոյատեւելու, ապրելու, պահպանելու եւ շարունակելու մեր նախնիներէն մեր բոլորին անխտիր եկած աւանդը՝ հայ ըլլալու եւ հայ ժողովուրդին պատկանելու շնորհը: Իսկ այդ աւադը պահելու միակ եւ ճիշդ տեղը՝ Հայաստանն է, մեր բոլորին Հայրենիքը:
Արդարեւ, Սուրիական խնդիրի պատճառով մեծ թիւով հայեր պարտադրուած ձգեցին ամէն ինչ որ ունէին եւ հեռացան, որպէսզի կարենան պահել իրենց գոյութիւնը: Խնդիրի առաջին տարիներուն դուրս եկողներուն առաջին հանգրուանը շատերուն համար եղաւ Լիբանանը, ապա՝ Հայաստանը (որոշ թիւ մըն ալ դէպի Արաբական էմիրութիւններ, Ամերիկա, ով որ նախապէս ինքզիք ապահոված կամ ազգականեր ունէր այդ վայրերուն մէջ):
Վերջին ամիսներուն սակայն ազգովին նոր եւ ահաւոր երեւոյթի մը դիմաց դէմ յանդիման գտնուեցանք: Զանգուածային գաղթ դէպի Գանատա... Ահաւոր էր անով, որ ո՛չ մէկ աշխատանք տարուեցաւ այդ հոսքը դադրեցնելու կամ այդ հոսքի ուղղութիւնը փոխելու դէպի Հայաստան: Ահաւոր էր անով, որովհետեւ ո՛չ Սփիւռքը եւ ոչ ալ Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ մէկ արձագանք չունեցան այս կապակցութեամբ: Ահաւոր էր անով, որով չնայած անցեալ տարի ազգովին մեծ շուքով 100-րդ տարելիցը կատարեցինք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, այսօր՝ ընդամէնը մի քանի ամիսներ ետք ազգովին ականտեսները կ'ըլլանք նոր զանգուածային ցեղասպանութեան մը, որու հետեւանքները պիտի կրենք թէ՛ մենք եւ թէ ալ մեր զաւակները:
Շատեր կրնան ըսել Հայաստան գային ի՞նչ ընելու համար, երբ Հայաստանի մէջ եղողները այսօր ահաւոր դժուարութիւններու դիմաց կանգնած են, հազիւ կրնան իրենց գոյութիւնը պահել, չնայած արտագաղթի մեծ հոսքին: Համաձայն, Հայաստանը այսօր դժբախտաբար այդ վիճակին մէջ է, գոյութիւն պահպանելը դժուար, մարդու իրաւունքները ոտնահարուած, աշխատանքի դժուարութիւն, եւայլն, եւայլն: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, օտարին տրամադրածը ինչքան ալ լաւ ու քաղցր ըլլայ, կը մնայ օտարինը, այսինքն՝ մերը չէ, բայց Հայրենիքի պարագային, նոյնիսկ վատն ու դառնը կը մնայ մեր, մե՛ր սեփականութիւնը, որու համար պատասխանատու ենք մենք բոլորս՝ ազգովի:
Ժամանակն է այլեւս որ պարտուածի եւ ստրուկի հոգեբանութիւնը մէկ կողմ դնենք եւ դէմ յանդիման կանգնինք ճշմարտութեան: Մեր որոշումներուն եւ ընտրութիւններուն մէջ ըլլանք իրապաշտ: Փախուստը, օտարին մօտ լաւն ու բարօրը փնտռելը յատուկ չէ՛ եղած մեզի եւ պէտք չէ ըլլայ, մենք շինարար ու ստեղծագործ ժողովուրդ ենք: Ուր ալ գացած ենք զարմացուցած ենք մեր աշխատասիրութեամբ եւ եռանդով: Այդ բոլորը սակայն կատարած ենք պարտուածի ու ստրուկի հոգեբանութեամբ: Ինչո՞ւ. Շատ պարզ, որովհետեւ նոյնը չենք կրցած ընել մեր սեփական Հայրենիքին համար: Երբ առիթը եկած է նոյնը կատարելու մեր Հայրենիքին մէջ, չգիտես ինչու պատճառաբանութիւններու եւ արդարացումներու շարքը երկարած եւ երկարած է: Ո՛չ ոք կրնայ արդարանալ սակայն. առածը կ'ըսէ՝ «կամենալը կարենալ է», եթէ կամքը, կամեցողութիւնը ունենանք, մեր Հայրենիքը ազգովին կը վերածենք դրախտավայրի, բայց հարցը կամեցողութիւն չկայ: Կամեցողութեան չըլլալու պատճառն ալ՝ միասնականութեան բացակայութիւնն է: Վարպետ ենք օտարին առջեւ ներկայանալ որպէս միասնական, բայց բաւարար է որ իւրաքանչիւրս իր անկիւնը քաշուի, եւ ահաւասիկ տասը միլիոն ինքնագլուխ թագաւոր ու նախագահ կ'ունենանք:
Չերկարելու համար: Եթէ որոշում կայացած է Միջին Արեւելքը հայութենէ դատարկել, բարի՛ եղէք՝ որոշում կայացնողներ, այդ դատարկման ուղղութիւնը դէպի Հայաստան ուղղել: Բաւարար է օտար հողերու վրայ «հայրենի օճախներ» ու «թագաւորութիւններ» որոնենք: Մեր տունը Հա՛յաստանն է, այլընտրանք չունինք: Միակ այլընտրանքը՝ Արեւմտահայաստանն է: Այլապէս որ ուղղութեամբ ալ երթանք, ուր ալ հաստատուինք, մեր վախճանը մէկն է՝ փճացում ու չքացում:
Յակոբ Քորթմոսեան
10 Փետրուար 2016