image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք միշտ կը պահենք զգօնութիւնը եւ պատրաստ ենք դիմագրաւել փոթորիկին». Սէյրան Օհանեան

«Մենք միշտ կը պահենք զգօնութիւնը եւ պատրաստ ենք դիմագրաւել փոթորիկին». Սէյրան Օհանեան

Սահմանին իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է, կրակոցներու թիւը պակսեր է: Այս մասին, այսօր՝ 31 օգոստոսին լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:

«Կրակոցներ կան, խախտումներ կը պատահին մեր հարեւաններու կողմէ: Մենք անկանոն կրակոցներուն չենք պատասխաներ, կը փորձենք այնպէս ընել, որ լարուածութիւն չըլլայ»,-ըսած է նախարարը:

Այն հարցին, թէ արդեօ՞ք իրավիճակը կարելի է համարել փոթորիկին նախորդող հանգստութիւն, նախարարը պատասխանած է. «Զինուած ուժերու գործողութիւններու մէջ միշտ ալ մեր գործողութիւնները փոթորկի նման են:Մենք միշտ կը պահենք զգոնութիւնը եւ պատրաստ ենք դիմագրաւել փոթորիկին»: