Մենք ինչ որ սխալ ըրած ենք, կ'երեւի կազմակերպչական եւ կառավարման մակարդակի սխալներ ըրած ենք եւ մենք կ'ընթանանք այդ սխալները ուղղելու ճանապարհով, բայց ամէն մէկս պէտք է մեր սխալը ուղղենք, յանուն մեր պետութեան եւ ժողովուրդին: Այս մասին պարէտատան նիստէն յետոյ յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նշելով նաեւ իր ու իր ընտանիքին վարակուելու հանգամանքը:
Վարչապետի խօսքով՝ ՀՀ-ի մէջ դեռ այն ընկալումը կայ, թէ համաճարակի դէմ կը պայքարի եւ պիտի պայքարի առողջապահական համակարգը, ինչ որ, ըստ Փաշինեանին, սխալ ընկալում է, որովհետեւ առողջապահական համակարգը կը պայքարի համաճարակի հետեւանքներուն դէմ:
Ըստ Փաշինեանին՝ այդ պայքարը պէտք է կայանայ առողջապահական համակարգէն դուրս: Ան ընդգծեց, որ ոստիկանութեան ուժերը սահմանափակ են:
«Ես կրկին կ'ուզեմ համեմատել 2018-ի իրադարձութուններուն հետ. երբ ՀՀ քաղաքացիներուն 90 տոկոսը կ'ընէր մէկ գործողութիւն, Ոստիկանութիւնը անզօր է այդ գործողութեան դէմ: Հիմա, ժխտական իմաստով, այդ ոգիով մենք չենք պահպաներ հակահամաճարակային կանոնները, եւ ՀՀ-ի մէջ չկան զսպողական մեթոտներ, չկայ զսպողական մեթոտներ գործարկելու ցանկութիւն, թերեւս՝ նաեւ հնարաւորութիւն, եւ մեր միակ ձեւը կը մնայ երկխօսութիւնը, վարչական մեթոտներու խստացումը»,-ըսաւ վարչապետը: